2012-08-30 11:16:52

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց Երեսուն-հինգերորդ – Գլուխ Գ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ (1)
Հարցում թիւ 121. Ի՞նչ կը նշանակէ Եկեղեցի։
Եկեղեցի բառը կուգայ յունարէնի Էքլէզիա բառէն, որ կը նշանակէ հաւաքոյթը անոնց որոնք կոչուած են։ Մենք ամէնքս, մկրտուածներ եւ Աստուծոյ հաւատացողներ, կոչուած ենք Տիրոջմէ։ Միասին` կը կազմենք Եկեղեցին։ Քրիստոս, ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ, այս Եկեղեցւոյ գլուխն է. Իսկ մենք իր մարմինն ենք։
Երբ կ՛ընդունինք խորհուրդները եւ մտիկ կ՛ընենք Աստուծոյ Խօսքին, Քրիստոս մեր մէջն է եւ մենք ալ` իր մէջն ենք ­ ահա այս է Եկեղեցին։ Սուրբ Գրքերը չեն դադրիր բացայայտելէ շատ սեղմ ու անձնական կենակցութիւնը մկրտեալներուն`Յիսուսի հետ, բազմապատկելով նմանութիւնները։ Երբեմն Եկեղեցին կը կոչուի Աստուծոյ ժողովուրդ, ապա` հարս Քրիստոսի, երբեմն կը կոչուի մայր, ապա` ընտանիք Աստուծոյ։ Ան կը բաղդատուի նաեւ հարսանիքի մը հրաւիրեալներուն։ Եկեղեցին պէտք չէ ըմբռնել որպէս լոկ հաստատութիւն մը, պաշտօնեաներու Եկեղեցի մը, որմէ կարելի է բաժնուիլ։ Կրնանք զայրանալ Եկեղեցւոյ սխալներուն եւ արատներուն դէմ, սակայն երբեք չենք կրնար անկէ հեռանալ, որովհետեւ Աստուած զայն կը սիրէ անդառնալի կերպով ու երբեք անկէ չէ հեռացած հակառակ իր բոլոր մեղքերուն։ Եկեղեցին Աստուծոյ ներկայութիւնն է մարդոց միջեւ։ Ահա թէ ինչու պէտք ենք զայն սիրել։
Հարցում թիւ 122. Ինչու՞ Աստուած կ՛ուզէ որ Եկեղեցին գոյութիւն ունենայ։
Աստուած կ՛ուզէ որ գոյութիւն ունենայ Եկեղեցին, որովհետեւ չ՛ուզեր մեզ առանձին փրկել, այլ` միասին։ Կ՛ուզէ բոլոր մարդկութիւնը դարձնել մէկ ժողովուրդ։
Ոչ ոք կրնայ երկինք հասնիլ ոչ­ընկերային կերպով։ Այն որ կը մտածէ միայն ինքիրեն եւ լոկ իր հոգւոյն փրկութեան, կ՛ապրի ոչ­ընկերային ձեւով։ Երկնքի մէջ, ինչպէս նաեւ երկրի վրայ` ասիկա պարզապէս անկարելի է. Աստուած ինք եւս ոչ­ընկերային չէ. ան առանձին էակ մը չէ ինքիրմով բաւարարուած. Երրորդութեան Աստուածը ընկերային է ինքիր մէջ, ան ընկերութիւն մըն է, յարատեւ փոխադարձութիւն սիրոյ։ Աստուածային այս օրինակին համենատ, մարդն ալ նմանապէս հրաւիրուած է յարաբերութեան, փոխադարձութեան եւ սիրոյ մասնակցութեան։ Մենք պատասխանատու ենք մէկը միւսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.